2014-12-11 12:07:50

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը` Փեռուի մայրաքաղաքին մէջ կլիմայի գիտաժողովին մասնակցողներուն։


(Ռ.Վ.11 դեկտեմբեր 2014) ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է Փեռուի մայրաքաղաքին մէջ` 12 դեկտեմբերէն սկսեալ տեղի ունեցող կլիմայի գիտաժողովին մասնակցողներուն։ Պատգամը ուղղուած է Փեռուի բնապահպանութեան նախարար` տիար Մանուէլ Պուլկա Վիտալին, որ կը նախագահէ ՄԱԿի կլիմայի փոփոխութիւններու հայող վերոյիշեալ գիտաժողովը։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը յայտնէ իր մօտիկութիւնը ու քաջալերանքը, որպէսզի գիտաժողովի մասնակցողները վեհանձնութեամբ համապատասխանեն մարդկութեան ակնկալութեան, ընդգծելով անոնց բարոյական մեծ պատասխանատուութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը դիտել կու տայ որ կլիմայի փոփոխութիւնները ողբերգական օրէն զգալի դարձած են կարգ մը երկիրներուն մէջ եւ մասնաւորապէս խաղաղական ցամաքամասին կղզիներու մէջ։
''Ահազանգը հնչեց շուտ շարժելու։ Պատշաճ եւ շտապ լուծումներ կարելի է գտնել եթէ միասնաբար ու ներդաշնակօրէն գործենք'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը, աւելցնելով որ ''երկրագունդի ջերմացումի դէմ պայքարը կարելի է իրականացնել եթէ մեր պատասխանը ըլլայ միմիայն հաւաքական ու պատասխանատու, գերազանցելով սեփական շահերն ու վարուելակերպը, անկախ քաղաքական ու տնտեսական ճնշումներէն''։
''Սրտանց կը մաղթեմ որ Լիմայի գիտաժողովը ու յառաջիկայ հանդիպումները ըլլան վճռակամ լուծելու կլիմայի հրատապ հարցը'' գրեց Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին աւարտին մաղթելով որ այս խորհրդածութիւնները, միջամտութիւններն ու նախաձեռնութիւնները արդիւնաբեր ըլլան համայն մարդկութեան համար։
Բոլորիդ համար կը հայցեմ Ամենացօրին օրհնութիւնը եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.